2014-10-09 13:19:23

''Սուրբ Հոգին` աղօթքի ամենամեծ պարգեւն է '' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 9 հոկտեմբերին արտասանած քարոզին մէջ։


(Ռ.Վ. 09 հոկտեմբեր 2014) ''Աղօթքին մէջ շատ բաներ կը խնդրենք , բայց Աստուծոյ ամենամեծ պարգեւը` Սուրբ Հոգին է''. այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, չորեքշաբթի, 9 հոկտեմբերի առաւօտեան, մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։
Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը ուր Յիսուս առակով մը կը պատմէ այն մարդուն մասին որ անդադար պնդելէ վերջ, իր բարեկամէն կը ստանայ այն ինչ որ կը խնդրէր, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց երեք կարեւոր բառեր՝ բարեկամ, Հայր եւ պարգեւ։
''Ո՞վ է ձեր մէջ Հայրը, որուն որդին եթէ ձուկ խնդրէ, ձուկի տեղ օձ պիտի տայ անոր։ Եւ դուք որ չար էք, գիտէք բարի բաներ տալ ձեր զաւակներուն'', Յիսուսի այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ աւելցուց թէ ոչ միայն բարեկամը որ կ՝ընկերանայ մեր կեանքին կ՝օգնէ մեզի եւ մեզի կուտայ ինչ որ կը խնդրենք այլ նաեւ մեր Հայրը` որ երկինքն է եւ անհունօրէն մեզ կը սիրէ չի մերժեր մեր խնդրանքները։
Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ աղօթել կը նշանակէ խնդրել եւ գիտնալ ինչպէս բախել Աստուծոյ սրտին դուռը։ Աստուած առ աւելով կու տայ մեզի` Սուրբ Հոգին, Հօր իսկական ու ամենագեղեցիկ պարգեւը։ Ան է որ մեզի կ՛առաջնորդէ ու կը սորվեցնէ մեզի աղօթել։ Յիսուս՝ ըսաւ հուսկ Քահանայապետը քարոզին աւարտին, մեր կեանքի ընկերն է` ու մեզի կու տայ ինչ որ կը խնդրենք ու մեր խնդրանքէն աւելին` Սուրբ Հոգին։ Աղօթքը կը կատարուի բարեկամի հետ եւ ուղեւորութեան ճանապարհորդին հետ որ մեր պարագային Յիսուսն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.